image

Հալէպի մէջ իրավիճակը կայուն-սպասողական է. Աղբիւր

Հալէպի մէջ իրավիճակը  կայուն-սպասողական է. Աղբիւր

Հալէպի  մէջ    ընդհանուր իրավիճակը  կայուն է: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ այս առաւօտ: Մեր աղբիւրին համաձայն Հալէպի հայկական թաղամասերուն  մէջ ընդհանուր իրավիճակը կայուն եւ խաղաղ է:   Վերջին  տաս օրերուն       հաստատուած հրադադարէն ի վեր        մերթ ընդ մերթ պայթումներ  լսելի կը դառնան Հալէպի ծայրամասային շրջաններուն մէջ: Մեր  աղբիւրը  յայտնեց, որ Հալէպը ամբողջական խաղաղ հունի մը մէջ  պիտի չմտնէ այնքան ատեն, որ    տարբեր խմբաւորումներու զինեալներ  կը շարուանկեն   մնալ  այդ գիւղական շրջաններուն մէջ: Ըստ «Արեւելք»ի   աղբիւրին    Հալէպի հայկական բոլոր  կուսակցութիւններն ու մարմինները  կը շարունակեն  կարեւոր օգնութիւններ  տալ       կարիքաւոր եւ  անգործութեան պատճառով   դժուար պայմաններու մատնուած  հայորդիներուն:   Դրական տեղաշարժ կայ նաեւ    ջուրի եւ ելեքդրականութեան  տագնապներու լուծման առընթեր, ինչպէս նաեւ համացանցի ընդհանուր իրավիճակին  կապակցութեամբ:   Եթէ հրադադարէն առաջ  ջուրի  եւ ելեքդրականութեան տագնապները  դարձած էին   համատարած, այսօր կարելի է ըսել, որ հայկական   շրջանները սկսած են         ելեքդրականութիւն եւ ջուր ստանալ:   Ըստ մեր  աղբիւրին,  հակառակ    Սուրիոյ մէջ տիրող  տնտեսական  ծանր իրավիճակին, հայկական մշակութային միութիւններ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը եւ  ծանր վիճակը   պատճառ չի դառնար, որ  գաղութի  ընդհանուր կեանքը անդամալուծուի: