Ծանր պահեր ապրած է Հալէպ քաղաքը։ Այս մասին տեղեկութիւն կը փոխանցէ BBC ARABIC կայանը նշելով, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցած հրթիռարձակումները, որ թիրախ ընտրած են Խալտիյէ, Հայ ալ նիլ եւ Շարէհ ալ զահրա մարդաշատ շրջանները։ Յարձակումներէն ժամ մը անց յայտնի դարձած է, որ տեղի ունեցածը քիմիական գրոհ է, որուն արդիւնքով հարիւրէ աւելի սուրիացի քաղաքացիներ փոխադրուած են հիւանդանոց։
Լրատուական աղբիւրներ հաղորդած են նաեւ, որ տուժածներուն մօտ երեւան եկած է շնչառական հարցեր, որ արդիւնք են «քլոր» նիւթ պարունակող հրթիռներուն։ Պետական մարմիններ կոչ ուղղած են քաղաքի բոլոր հիւանդամոցներուն բաց պահել իրենց դռները քաղաքացիներուն առջեւ։