Հալէպի հայկական կարգ մը վարժարանները ապահովական նկատառումներէ ելլելով վաղը փակ պիտի պահեն իրենց դռները: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ հալէպաբնակ Ժիրայր Կարապետեանէն: Կարապետեանի համաձայն, Հալէպի Կիլպէնկեան վարժարանէն ներս գործող Ազգային Սահակեան-Զաւարեան միացեալ վարժարանը, Ազգային Հայկազեան-Կիւլպէնկեան միացեալ վարժարանն ու Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, ինչպէս նաեւ Միացեալ ազգային մանկապարտեզը պիտի չգործեն, նկատի ունենալով հայկական շրջաններու մէջ տիրող ապահովական ծանր պայմանները, որ խուճապի պատճառ դարձած են:
Յիշեցնենք, որ այսօր ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած էր Հալէպ քաղաքը, մասնաւորապէս Սըլայմանիյէի հայահոծ շրջանը: Հրթիռարձակումներու պայթումներուն հետեւանքով զոհուած են 17 անձեր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ եղած են կին մը եւ 3 երեխաներ: Պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն մէջ եղած են նաեւ երկու հայեր՝ Ճորճ Թաշճեան եւ Աւետիս Թորոսեան:
