image

Հալէպի Ազատագրումը Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու ծրագիրը ձախողութեան մատնեց. Հասան Նասրալլա

Հալէպի Ազատագրումը Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու ծրագիրը ձախողութեան մատնեց. Հասան Նասրալլա

Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր ղեկավար Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 23 դեկտեմբերի իր ճառին մէջ յայտնած է, որ Սուրիական Բանակին կողմէ ամբողջ Հալէպի ազատագրումը ձախողութեան մատնեց Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

«Այն վարչակարգը, որ իր տիրապետութեան տակ ունի Սուրիոյ խոշորագոյն քաղաքները՝ Դամասկոսն ու Հալէպը, նաեւ Հոմսը, Համան, Լաթաքիան, Թարթուսն ու Սուետան, կայուն, ուժեղ ու գործունեայ վարչակարգ է, եւ աշխարհի վրայ ոչ ոք կրնայ զայն անտեսել»,- ըսած է լիբանանցի ղեկավարը:

Նշենք, որ Սուրիոյ պետական վարչակարգի  կարեւորագոյն համակիրներէն մէկը համարուող «Հըզպալլա»ն 2013 թուականէն իրանեան կողմի օժանդակութեամբ կը պայքարի Սուրիոյ բանակի կողքին՝  ինչի շնորհիւ վերջինս շարք մը շրջաններու մէջ զգալի յառաջխաղացում գրանցած է:

Ըստ Հասան Նասրալլայի. «Ամիսներէ ի վեր Հալէպի մէջ տեղի ունեցածը Սուրիոյ պատերազմներուն մէջ ամենադաժանն էր, նաեւ ամենադաժանը՝ տարածաշրջանի պատերազմներուն մէջ»:

«Այս չի նշանակեր, որ պատերազմն աւարտած է, մենք Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան նոր փուլի առաջ կանգնած ենք, մեր ուժերը մեծ քայլերով առաջ կ'երթան»,- յայտնած է Նասրալլա:

Յիշեցնենք, որ թէ' Հալէպի եւ թէ առհասարակ Սուրիոյ պատերազմին «Հըզպալլա» մեծ թիւով զոհեր տուած է, որոնց շարքին նաեւ՝ բարձրաստիճան ղեկավարներ: