Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով հալէպահայերու վնասուած գործարանները վերանորոգելու նոր ծրագիր մշակուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմին»ը, իր տարածած յայտարարութեան մէջ:
Վերանորոգման այս ծրագրին մէջ մէջ պիտի ընդգրկուի այն գործարանները, որոնց սեփականատէրերը յայտնուած են ծանր վիճակներու մէջ:
«Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմին»ը որոշած է գործադրութեան դնել այս ծրագիրը, նկատի ունենալով ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքին ապահովական պայմաններուն բարելաւումը:
Ինչպէս կը նշուի, այս ծրագիրին գործադրութեան իրենց նպաստը բերած են Լոս Անճելըսի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը (SARF) եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը: