Հալէպահայ երիտասարդ Խաչիկ Աշճեան կը պատկանի այն սերունդին, որ պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն շարունակեց իր ուսումնառութիւնը։
Ան վերջերս վկայուեցաւ եւ դարձաւ փաստաբան եւ կը պատրաստուի իր կեանքի կարեւորագոյն փուլերէն մին մտնել։
Խաչիկ նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ կը մասնակցի Հալէպի ազգային-մշակութային կեանքին։
Ան յաճախ ելոյթներ կ՚ունենայ եւ իր ախորժալուր երգերով կը հիացնէ հանդիսատեսը։
«Արեւելք» յաջողեցաւ «որսալ» երիտասարդ գործիչին կատարումներէն մին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Գրող Աւետիք Իսահակեանի բառերով յօրինուած «Հայրենիքէս հեռացել եմ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը յայտնի երգ մը դարձած է եւ մաս կը կազմէ մեր ժողովրդային երգերու գանձարանին։
Խաչիկի երգեցողութեան նուագով կ՚ընկերակցի հալէպահայութեան համար հանրածանօթ երգի եւ երաժշտութեան դասատու Տիկն. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը։