Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք վերաբացուած է սոսինձի արտադրամասը: Այդ մասին կը յայտնէ գործարանի ճարտարապետ Ապտուլահեդ Զահտանը:
«Սոսինձը անհրաժեշտ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը վերականգնեն իրենց տուները: Վաճառքը լաւ կ'ընթանայ: Հաէպի մէջ միայն մենք կ'արտադրենք լաւ որակի սոսինձ»,- աղբիւրի փոխանցմամբ՝ ասած է ան:
Ճարտարապետի խօսքով՝ արտադրանքը կը ստուգուի տեղւոյն վրայ, գործարանը ունի յատուկ տարրալուծարան:
Հալէպի մէջ մէկ այլ ընկերութիւն ալ վերսկսած է ներկի արտադրութիւնը: Գործարանի ղեկավար Եահեա Սաուանայի խօսքով՝ ապրանքը մեծ պահանջարկ ունի, քանի որ քաղաքի բնակիչները կը վերանորոգեն իրենց բնակարաններն ու տուները:
«Պատերազմի ժամանակ ստիպուած եղանք փակել գործարանը, աւարտէն ետք նոր սարքաւորումներ գնեցինք, իսկ որ ամենադժուարն էր՝ մենք կրկին գտեր ու վերապատրաստեր ենք մասնագէտներ»,- ըսած է ան: