image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը Մարտակերտի ուղղութեամբ գործի դրած է ականանետեր

Հակառակորդը  Մարտակերտի ուղղութեամբ  գործի  դրած է ականանետեր

Ազրպէյճան   երէկ հերթական  անգամ խախտած է  հրադադարը: Այս  մասին լուր կը փոխանցէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ ոսոխը հայկական  շրջաններուն  ուղղութեամբ կրակոցներէն  բացի,  գործի  դրած է  ականետեր: Արկեր նետուած են յատկապէս Մարտակերտի  ճակատին ուղղութեամբ: Հայկական կողմը մարդկային կորուստներ չունի եւ   համապատասխան քայլերով կը շարունակէ վերահսկողութեան տակ պահել սահմանի ողջ  երկայնքը: