image

Գործադրուող բոլոր ճիգերը բաւարար չեն կասեցնելու համար գաղթը. Գայեանէ Սիմոնեան- Տէրեան

Գործադրուող բոլոր ճիգերը բաւարար չեն կասեցնելու  համար  գաղթը. Գայեանէ Սիմոնեան- Տէրեան

Երկար տարիներէ ի վեր Հալէպ հաստատուած խմբավար եւ ուսուցիչ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան «Արեւելք»ին խօսելով  եւ անդրադառնալով Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմին, ըսաւ. «Հալէպի այսօրուան վիճակը անորոշ եւ վտանգաւոր կը նկատուի: Այդ անորոշութեան մէջ վտանգներով լեցուն է ապրելակերպը, ուր առկայ են կենցաղային բազմաթիւ դժուարութիւններ»:

 Անոր   կարծիքով «Սուրիահայ գաղութը պատերազմի հետեւանքով ցիր ու ցան եղաւ աշխարհով մէկ: Հակառակ տարուած ջանքերուն, պահպանելու հալէպահայ գաղութը, սակայն երկարաձգուող պարտերազմը, մարդոց լաւատեսութիւնն ու դիմադրողականութիւնը նուազեցուց, եւ բնականաբար մեծ թիւով ընտանիքներ հեռացան եւ տակաւին կը  շարունակեն հեռանալ երկրէն: Փաստօրէն համայնքին մէջ օրէ օր նօսրացող թուային պատկերը ցոյց տուաւ, որ գործադրուող բոլոր ճիգերը բաւարար չէին, կասեցնելու գաղթը»։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ մտահոգ  չէ՞ք Հալէպի ապագայով, տրուած ըլլալով, որ Սուրիոյ տագնապի այս փուլին դրական նախանշաններ չկան, որ երկիրը պիտի կարողանայ արագօրէն դուրս գալ այս սեւապատ փապուղիէն, Տիկին Տէրեան ըսաւ. «25 տարիէ ի վեր ապրելով եւ գործելով Հալէպի հայ համայնքին մէջ, կը կարծեմ որ ոչ մէկուն համար դիւրին է ձգել տքնաջան աշխատանքով ձեռք բերուած նուաճումները, քանդել ամէն ինչ եւ զէրոյէն սկսիլ կեանքը: Մինչ օրս շարունակուող պատերազմին մէջ գոյատեւելու դժուարութիւնը յաճախ կը ստիպէ, որ կորսնցնենք մեր դիմադրողականութիւնը եւ կամքէ անկախ կը պարտադրուինք անցանկալի որոշումներ գոյացնել»:

«Կ'ուզեմ լաւատես մնալ»,- ըսաւ մեր խօսակիցը  աւելցնելով, որ  «պէտք է շարունակել կեանքը Հալէպի մէջ, հաւատալով այն գաղափարին, որ մօտ է պատերազմի աւարտը եւ մօտ ապագային հալէպահայ գաղութը կը վերագտնէ իր երբեմնի խաղաղ կեանքը»:

Ան նաեւ յաջողութիւն մաղթեց հալէպահայ մօտ եւ հեռու բարեկամներուն հակառակ անոր,  «վստահ եմ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին, Հալէպի ջերմ եւ հոգեհարազատ համայնքային պատկերը պիտի չվերագտնեն։ Բայց թող որ անոնց նոր սկսած կեանքը ըլլայ ապահով եւ յաջողութիւններուն լեցուն»։

 

Նշենք, որ  ցայսօր Հալէպ ապրող հայրենի երաժիշտ Գայեանէ Տէրեանի հետ «Արեւելք»ի  ունեցած  հարցազրոյցին ամբողջութիւնը    պիտի կարողանաք   կարդալ  յառաջիկայ ժամերուն ՝ «Արեւելք»ի   «Հարցազրոյց» բաժնով: