Եգիպտոսի Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցին ողջունած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պըն Սալմանի այցը, համարելով, որ նման քայլ կը բխի Սէուտական Արաբիոյ մէջ բարեփոխումներ կատարելու Պըն Սալմանի մտադրութենէն:
«CNN» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, գահաժառանգ Պըն Սալման աննախադէպ այցով գտնուած է Ս. Մարկոսի մայր տաճարը, հանդիպում ունենալով ղպտի եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. Պապին հետ:
Ղպտի եկեղեցւոյ պաշտօնական խօսնակ Հայր Պուլոս Հալիմ անդրադառնալով այցելութեան նշած է, որ Պըն Սալմանի այցը ապացոյցն է սէուտցի եւ եգիպտացի ժողովուրդներու խոր յարաբերութիւններուն, եւ Եգիպտոսի արտաքին քաղաքականութեան դրական արդիւնքներէն է:
Հայր Հալիմի կարծիքով Պըն Սալման ղպտի եկեղեցի կատարած իր աննախադէպ այցով արաբական երկիրներուն հանդուրժողականութեան ու եղբայրասիրութեան կոչ կ'ուղղէ: