Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ արգիլուած է թուրքերու հիմնած կուսակցութեան գործունէութիւնը: Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականին, կուսակցութիւնը հիմնուած էր գերմանաբնակ թուրք գործարար Ռէմզի Արուի կողմէ։ Աղբիւրին համաձայն, վերջինս կուսակցութիւնը հիմնած էր Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը խոչընդոտելու նպատակով։ Գերմանական դատարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի նաեւ , որ կուսակցութեան գործունէութիւնը կը կասեցուի որովհետեւ անոր կերպը նման է գերմանական ծայրայեղ աջակողմեան «AFD» կուսակցութեան կերպանշանին: