Գանադայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն քիչ առաջ ժամանած է Հայաստան։
Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը՝ օդակայանէն լուսանկար հրապարակելով։
Յիշեցնենք, որ Գանատայի վարչապետը Երեւան ժամանած էր՝ մասնակցելու ՀՀ մայրաքաղաքի մէջ իրականացուող Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին։
Բացի Թրիւտոյէն, գագաթնաժողովին իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են եւս 25 պետութեան ղեկավարներ։

