image

Գանատայի մզկիթներէն մէկուն մէջ յարձակում. Կայ 5 զոհ

Գանատայի մզկիթներէն մէկուն մէջ յարձակում. Կայ 5 զոհ

Գանատայի Քէպէք քաղաքի Իսլամական մշակութային կեդրոն-մզկիթին մէջ հրաձգութիւն տեղի ունեցած է, ինչի հետեւանքով 5 մարդ մահացած է: Վիրաւորներու թիւի մասին ստոյգ տեղեկութիւններ տակաւին չկան: Այս մասին կը հաղորդէ BBC կայանը, նշելով, որ 2 կասկածեալ արդէնձերբակալուած են, որոնցմէ մէկը 27 տարեկան է: Կը նշուի նաեւ, որ կասկածեալը կիրառած է AK-47 ինքնաձիգ:

Ականատեսներու պատմելով՝ հրաձգութեան պահուն մզկիթին մէջ շուրջ 40  մարդ եղած է:

Իր հերթին, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ, անդրադառնալով արտակարգ պատահարին,  Twitter-ի իր էջին գրած է. «Այսօր Գանատայի բնակիչները կը սգան Քէպէքի մզկիթէն ներս պատահած յարձակման զոհերուն համար: Իմ միտքերը զոհերիժու ու անոնց ընտանիքներուն հետ են», տեղի ունեցածը որակելով որպէս՝ «վախկոտ յարձակում»: