Գանատայի մէջ Օնթարիօ նահանգի Տաֆըրին Փիլլ վարչաշրջանի կաթողիկէ կրթական համալիրի մաս կազմող (Dufferin-Peel Catholic District School Board) դպրոցի խնամակալութիւնը հրաժարած է իր դպրոցէն ներս ընդունիլ հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ եղող սուրիացի փախստականներուն, անոնց կաթոլիկ չըլլալուն համար: Մինչ այդ, կը նշուի, որ նոյն դպրոցէն ներս կը յաճախէ ոչ քրիստոնեայ մեծ թիւով աշակերտութիւն:Այս մասին կը տեղեկանանք «Արեւելք»ի Գանատայի աղբիւրէն: Նշենք նաեւ, որ մինչեւ այս պահը չի հաղորդուիր, թէ քանի եղած է այն աշակերտներուն թիւը, որոնք դիմած են այդ դպրոցը յաճախելու:
