Այսօր, երկուշաբթի, Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Թէոտորոս Բ. Պապին կողմէ պապական նստավայրին մէջ պիտի հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սըլման:
«Անատոլու» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյց ունեցած Հայր Պուլոս Հալիմ այս առթիւ նշած է, որ Պըն Սալման առաջին սէուտցի բարձրաստիճան ղեկավարն է, որ կ'այցելէ Պապին, միաժամանակ աւելցնելով, որ ղպտի ուղղափառ եկեղեցին ամբողջ 20 դարերու ընթացքին ազգային հողի վրայ մեծ դեր ունեցած է, եւ մշտապէս կը շեշտէ իր պատկանելիութիւնը Եգիպտոսի Հանրապետութեան:
Հայր Պուլոս Հալիմ շեշտած է նաեւ, որ Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցին Միջին Արեւելքի խոշորագոյն եկեղեցին է, եւ ան բարձր կը գնահատէ Պըն Սալմանի կողմէ իրականացուող բարելաւումները Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Նշենք, որ Պըն Սալման առաջին անգամ ըլլալով կ'այցելէ Եգիպտոս, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ իր առաջին արտասահմանեան այցը 2016 թուականին գահաժառանգ ճանչցուելէն ի վեր: