image

From Russia With Love

From Russia With Love

Այս խօսքերով հանդէս պիտի գայ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հարիրի, որ այսօր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լավրովին հետ,   մեծ յոյսերով  Ռուսաստան կ'այցելէ: Ճիշդ է, որ առաջին անգամը չէ, որ Միջին Արեւելքի սիւննիները ներկայացնող պատասխանատու մը Մոսկուա կ'այցելէ, բայց այս այցը կարեւոր նշանակութիւն կը զգենու մանաւանդ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու խնդրով: Ինչպէս գիտենք, Հարիրի, վերջին շաբաթներուն անսպասելի շրջադարձ մը կատարելով, իր համաձայնութիւնը տուած էր «Ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավար Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրուելուն ու անոր այս համաձայնութիւնը խառնած էր Լիբանանի քաղաքական բաւական «լճացած» կեանքը: Յստակ է նաեւ, որ Հարիրի բացայայտ կերպով այս համաձայնութեան մասին չէ խօսած, սակայն անոր այցելութիւնները, հանդիպումները եւ քայլերը ընտրութեան խնդրին կը փորձէին դրական տինամիքա մը բերել: Նոյնինքն Հարիրի,  առիթով մը յայտնած էր, թէ ինք եւս յոգնած է այս վիճակներէն, ու նախագահի ընտրութիւնը փրկութիւն է պարապութեան մէջ «լողացող» գողտրիկ երկրին համար:

Այս բոլորէն անդին, յստակ է նաեւ, որ Մոսկուան այսօր փոխարինած է Դամասկոսի նախկին դերը: Ոչ միայն փոխարինած է,  այլ կը ներկայանայ որպէս երէկուան հզօր Սուրիոյ իրական «պապա»ն:

Հանգրուանի մը, երբ Միջին Արեւելքի բոլոր խաղաքարտերը խառնուած են ու ատենի մը, որ նոր՝ ոչ անպայման աշխարհագրական քարտէզներ կը գծուին,   Ռուսիան այսօր վերստանձնած է իր նախկին դերը:

Շատեր հարց պիտի տան՝ վերադարձա՞ծ է արդեօք Խորհրդային Միութիւնը. Պատասխանը ոչ է: Ռուսիոյ համար Միջին Արեւելքը անփոխարինելի ու կարեւոր տարածք է, ու անցնող 15 տարիներուն եղած դէպքերը եւ  Արեւմուտքի միակողմանի որոշումներն ու «արաբական գարնան» խորշակները կրակի տուին աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր համեմատաբար խաղաղ կեանք ապրող Մերձաւոր Արեւելքի կարեւոր մէկ հատուածը:

Դաշտը արիւնոտ է՝ զոհեր, գաղթականութիւն, պատերազմական ոճիրներ եւ սարսափելի տեսարաններ:

Սակայն այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ վաղուան Միջին Արեւելքի կայացման համար Ռուսիոյ մասնակցութիւնը պարտադիր է:

Պարտադիր է, ոչ թէ ռուսական կողմի արարքները խնկարկելու, այլ սպասուած ու անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու եւ տարածելու համար:

Այս բոլորին համար է, որ Հարիրի Մոսկուա կ'այցելէ:

Սիւննի առաջնորդը ռուսախօս չէ, բայց լաւ կը հասկնայ Լիբանանի ներքին հարցերուն՝  Գրէմլինի կողմէ  տրուելիք հաւանութիւններուն կարեւորութիւնը:

Մանաւանդ այս ճակատագրական հանգրուանին, երբ տարբեր կողմեր յաճախ կ'ակնարկեն, թէ Սուրիայէն ետք Լիբանանը պիտի դառնայ պատերազմի նոր աւազան:

Հարիրի այսօր Մոսկուա է, ու ան կը պատրաստուի Միջին Արեւելքի իր հին ու նոր բարեկամները ողջունել ու ըսել՝  From Russia with love.