image

Ֆրանսայի Առաջնորդարանը Ոչ Մէկ Փաստաթուղթ Ստացած է Շրջան Ընող Լուրերուն Վերաբերեալ . Տ. Վահան Արք. Յովհաննէսեան

Ֆրանսայի Առաջնորդարանը Ոչ Մէկ   Փաստաթուղթ  Ստացած է Շրջան Ընող Լուրերուն  Վերաբերեալ . Տ. Վահան Արք. Յովհաննէսեան

Վերջին օրերուն Լիոնի մէջ վախճանած Տէր Դաւիթ Արք. Սահակեանի  հետ առնչութիւն ունեցող լուրերուն վերաբերեալ «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Թեմի առաջնորդ Տէր Վահան Արք. Յովհաննէսեանին հետ: Սրբազան հայրը նշեց, թէ «Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմը ոչ մէկ պաշտօնական փաստաթուղթ  ստացած է շրջան ընող լուրերուն մասին»: Ան նկատել տուաւ, թէ պետական կամ դատական կամ այլ որեւէ մարմնի կողմէ այդ լուրերուն վերաբերեալ ոչ մէկ փաստաթուղթ կամ դիմում հասած է Առաջնորդարան: Տէր Վահան Արք. Յովհաննէսեան նաեւ իր զարմանքը յայտնեց,  բոլոր այն լրատուամիջոցներուն (նաեւ ֆրանսական), որոնք վերջին օրերուն առիթ չեն փախցներ հայ եկեղեցւոյ  քննադատելու  համար նման նիւթեր հրատարակելու: Ան այս առումով ըսաւ. «Ո՞ւր էին այս թերթերը, այս լրագրողները, մամուլի ներկայացուցիչները ասկէ տարիներ առաջ. անոնք օր մը հարցուցա՞ծ են հայ եկեղեցւոյ մասին, օր մը գրա՞ծ են այդ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդին մասին, անոր աւանդութիւններուն, անոր խնդիրներուն, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այլ թեմաներու մասին: Կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ մէկ օրէն միւսը բոլորը դարձած են հայ եկեղեցիով մտահոգ եւ սկսած են անստոյգ տեղեկութիւններ հրապարակելով դատապարտումի ալիք մը փորձել ստեղծել հայ եկեղեցւոյ դէմ»: Սրբազան հայրը նաեւ ցաւ յայտնեց, որ եթէ նման դէպքեր պատահած են, ապա ինչո՞ւ տուեալ անձը չէ փորձած այցելել Ֆրանսայի հայոց առաջնորդարան եւ խնդիրը պարզել օրուայ եկեղեցական թէ աշխարհական պատասխանատուներուն հետ: Ան  ըսաւ, թէ այն խնդիրները, որոնք կը բարձրացուին մամուլին կողմէ, անշուշտ որ դատապարտելի են, սակայն այս ձեւով որակումներ ընելը եւ եկեղեցին թիրախ դարձնելը նոյնպէս անընդունելի է եւ դատապարտելի է՝  բոլոր իմաստներով: Սրբազան  հայրը «Արեւելք»ին տուած իր    հարցազրոյցին  ընթացքին նաեւ շեշտեց, որ ինք  որպէս  հայ մարդ եւ եկեղեցական, խստիւ կը դատապարտէ              տարբեր  աղբիւրներէ լսելի դարձած այն լուրերը, որոնք կը վերաբերին    Երուսաղէմի մէջ եղած   մանկապղծութեան  դէպքերու մասին,  նկատել տալով, որ եթէ այդ     տեղեկութիւնները իրականութիւն  են ապա  պէտք է     ամէն գնով  պայքարիլ նման   հակաքրիստոնէական      մոլուցքներու դէմ:

Յիշեցնենք, որ Լիոն հրապարակուող «La Progress» թերթի մէկ հրապարակումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր հայ աշխարհի մէջ: Տեղին է նշել, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին կարգ մը հոգեւորականներու հետ կապուած ասեկոսեները, խօսակցութիւնները, զրպարտումները երեւան եկած են առաջին անգամ իսրայէլեան պատկերասփիւռային կայանի մը կողմէ պատրաստուած տեսանիւթով մը, ուր տարիներ առաջ    Սրբոց Յակոբեանց վանքին աշակերտ եղած երիտասարդ մը կը պատմէ իր անձին դէմ եղած անընդունելի վարկածի մը մասին: Երեւելի է նաեւ, որ տեղի ունեցող այս գործընթացները որոշ նպատակներ կը հետապնդեն: Մինչեւ այս պահը, Երուսաղէմի պատրիրարքութիւնը կը շարունակէ լուռ մնալ, «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ.Նուրհան Արք. Մանուկեան տեղեակ է բոլոր անցուդարձերէն եւ պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը հետեւի զարգացումներուն: Մեր աղբիւրները նաեւ կը հաւաստեն, թէ պատրիարքարանը այս առումով նշանակած է յատուկ փաստաբան մը, որ կը հետեւի ամբողջ գործի ընթացքին: