ՄԱԿ-ի մօտ Բրիտանիոյ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան՝ Մաթիու Ռէյքրօֆթ յայտնած է, թէ իր երկիրն ու Ֆրանսան՝ Հալէպի կապակցութեամբ արտահերթ նիստ գումարելու կոչ ուղղած են անվտանգութեան խուրհուրդին: Այս մասին կը փոխանցէ Անատոլու գործակալութիւնը, աւելցնելով, թէ Ռէյքրօֆթ լրագրողներուն յայտնած է, թէ արեւելեան Հալէպի մէջ մահապատիժի ու առեւանգման ենթարկուած քաղաքացիներու թիւը սարսափելի դարձած է:
ՄԱԿ-ի դիւանագիտական աղբիւրներ իրենց հերթին յայտնած են, թէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քիմուն պիտի մասնակցի արտահերթ նիստի աշխատանքներուն, որ նախատեսուած է՝ այսօր կէսօրին Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ սուրիական ուժերը, հինգ ամսուան պաշարումէ եւ օդային յարձակումներէ ետք, երկուշաբթի օր, յաջողած են յառաջխաղացք արձանագրել արեւելեան Հալէպի նոր շրջաններէ ներս, այն ինչ նօսրացուցած էր ընդդիմութեան տիրապետումը՝ քաղաքին փոքր տարածքի մը, ուր հաւաքուած էին ընդդիմութեան ուժերն ու 100 հազարի շուրջ քաղաքացիներ: