Թէլ Աւիւի մէջ տեղի ունեցող «Եւրոտեսիլ 2019» երգի միջազգային մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը երէկ երեկոյեան յաղթահարեցին Հիւսիսային Մակեդոնիան, Հոլանտան, Ալպանիան, Շուէտը, Ռուսիան, Ատրպէյճանը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Մալթան:
Հայաստանը այս մրցումին ներկայացնող Սրբուհի Սարգսեան «Walking Out» երգով ելոյթ ունեցաւ, բայց չյաջողեցաւ անցնիլ եզրափակիչ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օր՝ 18 մայիսին։
14 Մայիսին տեղի ունեցած մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչէն ետք՝ եզրափակիչ փուլ անցած էին Յունաստանը, Պիելոռուսիան, Սերպիան, Կիպրոսը, Էսթոնիան, Չեխիան, Աւստրալիան, Իսլանտան, Սան Մարինոն եւ Սլովենիան: