image

«Ես չեմ հաւատար, որ Լիբանանի մէջ եղած ցոյցերը անմեղ են ...» Տօքթ. Կոստան Եափուճեան

«Ես չեմ  հաւատար,  որ Լիբանանի  մէջ եղած  ցոյցերը  անմեղ  են ...» Տօքթ.  Կոստան  Եափուճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  լիբանանահայ  գործիչ,   Տօքթ.  Կոստան Եափուճեան։ 

 

- Նկատած ենք, որ ընդհանրապէս  վերապահ էք Լիբանանի  մէջ  տեղի ունեցող  ցոյցերուն  կապակցութեամբ. Ի՞նչ  է  այդ  վերապահութեան պատճառը:

Այո, վերապահ եմ  եղած  ցոյցերուն հանդէպ: Երբ անձ մը իր կեանքի ընթացքին   ցոյցերու առընթեր որոշ փորձառութիւն մը ձեռք կը ձգէ եւ կը հասնի այն եզրակացութեան, որ այդ  ցոյցերը անիմաստ էին, վերապահ կը դառնայ...  

Այս ցոյցերուն վերապահութիւն ցոյց կու տամ, երկու պատճառով,-

Ա. Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ցոյցերը կազմակերպուած են արտաքին ուժերու կողմէ. Ճիշդ է, կա՛յ ներքին տնտեսական պատճառ, բայց ցոյցի կազմակերպումը արտաքին ուժերու կողմէ է: Այս ցոյցերը շատ արագընթաց ձեւով սկսան, երբ որ նախագահը ՄԱԿ-ի մէջ յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է Սուրիա երթալու, որմէ ետք Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը նոյն բանը յայտարարեց, ապա յանկարծ   լիբանանեան թղթոսկիի    (լիրայի)   հանդէպ   ամերկեան   տոլարի սակագնի աճ  նկատուեցաւ։  Անկէ ետք դրամատուներու, վառելանիւթի,  հացի փուռերու խնդիրներ  ծագեցան. Եղան անտառներու բռնկում, ուղղաթիռներու հարցով օգնութեան կարիք, յետոյ մէջտեղ եկաւ whatsapp  համակարգէն օգտուողներու  վրայ յաւելեալ  տուրքեր  դնելու մասին յայտարարութիւնները, եւ այդպիսով ընթացք առաւ  բողոքի  մեծ    եւ անկանխատեսելի շարժումը. Դէպքերու   հերթականութիւնը ցոյց կու տայ, որ հողը պատրաստուած էր, ապա  արտաքին ուժերը  միջամուխ   դարձան, որուն  ապացոյցն ալ LBCI-ի տնօրէն Միշէլ Տահէրի յայտարարութիւնն էր, ուր  ան կ'ըսէր, թէ՝ այո, մենք օժանդակութիւն ստացած ենք Սէուտական Արաբիայէն եւ Էմիրութիւններէն, որպէսզի ցոյցերը սփռենք 24 ժամի  վար 24 ժամ, նոյնն է պարագան NEWtv եւ MTV ին, որպէսզի  իրավիճակը  աւելիով լարեն։ Նոյնպէս բացայայտուեցաւ, որ Քաթարն ալ՝ հրահրուած Թուրքիայէն, կ'օգնէ Թրիփոլիի իսլամական շարժումներուն, եւ եթէ նկատեցիք վերջին ցոյցերուն Թրիփոլիի փողոցները լիբանանեան դրօշակներ չկային,  այլ Թուրքիոյ դրօշներն էին, այսինքն այդտեղն ալ Թուրքիան դրամ կը  ցանէ...

Բ. Որովհետեւ ցոյցերը կը միտին խախտել ներքին իրավիճակը. Լիբանանը կարծես դարձած ըլլայ անգլիական մեծ Hyde Park մը (Անգլիոյ մէջ Hyde Park-ը, որ ունի քանի մը հարիւր տարուան պատմութիւն, պզտիկ տարածք մըն է, ուր ամէն մարդ ազատօրէն ամէն ինչ կը խօսի, նոյնիսկ  թագուհիէն բացի  բոլորին  կրնայ հայհոյել ...) ուր ամէն մէկը բան մը կը խօսի, եւ երբ հարցնես թէ՝ ի՞նչ է ուզածնին, կը պատասխանեն՝ ժողովուրդի ուզածն է, իսկ ժողովուրդի ուզածը, բնականաբար, միատեսակ չէ: Եթէ Թրիփոլին նկատի առնենք, ուր  մեծաւ մասամբ  բնակիչները սիւննիներ  են, եւ ուր հրահրողը Թուրքիան ու Քաթարն են, կ'ըսեն՝ պէտք է տապալենք համակարգը, վաղահաս ընտրութիւններ կ'ուզեն, որովհետեւ այդպէս յարմար է իրենց: Իսկ քիչ մը վար՝ Շըքքայէն մինչեւ Ժալ Ալ տիպ, ուր ՝«Լիբանանեան ուժեր»ն են, անոնք երբեք պիտի չուզէին որ  Լիբանանի տարածքով ընտրութիւններ ըլլան, որովհետեւ քրիստոնեաներու թիւը քիչ է, կը նախընտրեն ունենալ confederal համակարգ եւ ամէն մէկը իր շրջանը իշխէ,  եւ սակայն  անոնք  յեղափոխական են: Աւելի վար՝ Պէյրութի  կեդրոնը, իրավիճակը  լրիւ տարբեր է,  հոն ձախակողմեան ուժեր են, աւելի շատ երիտասարդ, համալսարականներ, որոնց ուզածը քաղաքացիական  պետութեան  հիմնում  է։  Այստեղ ուրիշ աշխարհ է, մարդիկ «Ռոմանթիք»   ձեւով յեղափոխութիւն կ'ուզեն։
Իսկ դէպի Հարաւ, ուր Շիիթներն են, ասոնք ալ կ'ուզեն Լիբանանի դրամատնային համակարգը տապալել, որ կը նկատեն իրենց դժբախտութիւններուն հիմնական աղբիւրը։

Եթէ այս բոլորը նկատի ունենանք, պարզ կը դառնայ, որ աշխատանք կը տարուի հարուածելու Լիբանանը, եւ Լիբանանը հարուածելով կ'ուզեն հարուածել «Հըզպալլա»ն: Եւ քանի որ «Հըզպալլա»ն հարուածելը այսօրուայ դրութեամբ  դիւրիւն չէ, ոչ զինուորական, ոչ տնտեսական  ճանապարհով, ուրեմն կը ջանան Լիբանանը հարուածել տնտեսական գետնի վրայ: Եթէ վաղը տոլարը յանկարծ 6000  լիբանանեան  ոսկի հասնի,  կոպիտ ասած մարդիկ զիրար   պիտի    յօշոտեն ... որովհետեւ       այդպէս  երկրի անապահով  խաւը մէկ խօսքով կրնայ անօթի ու  անոնք կրնան հարուստներուն վրայ յարձակիլ...

Այս պատճառներուն համար ես վերապահ եմ. Վերջ ի վերջոյ հայ եմ, որուն իրաւունքները սահմանափակ են, կրնայ ունենալ նախարար մը եւ 5-6 երեսփոխան: Ճիշդ է, որ հայերը եւս արդար իրաւունք ունին մասնակցիլ յեղափոխութիւններուն. Գիտենք, որ Պարսկաստանի մէջ Շահին դէմ եղած յեղափոխութեան առաջին նահատակը հայ մը եղած է, իսկ այսօր Պարսկաստանի մէջ քանի՞ հայ մնացած է, կամ Սուրիոյ յեղափոխութեան մէջ հայեր կային, այսօր քանի՞ հայ մնացած է, այս բոլորը ինծի վերապահ կը դարձնեն:

 

 

-Երբեւէ  հաւատացած է՞ք, որ ցոյցերու ճամբով  կարելի է  Լիբանանի  մէջ ինչ որ դրական լուծումներու յանգիլ։

Ես չեմ հաւատար, որ ցոյցերը կրնան անմեղ ըլլալ, մանաւանդ  Լիբանանի պարագային։ Չեմ  հաւատար նաեւ, որ  այս ճանապարհով կարելի   պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ դրական արդիւնքներու հասնիլ։ Այս ցոյցերն ալ սկսան անմեղ, առաջին օրը երբ երիտասարդները իջան փողոց, ամէնքս իրենց հետ խանդավառուեցանք, երկրորդ օրը նոյնպէս, սակայն երրորդ օրը, երբ մարդիկ սկսան միջամտել, արդէն   ամէն ինչ բացայայտուեցաւ։

 

- Այսօր  ի՞նչ է Լիբանանի ամենամեծ  խնդիրը, եւ ուրկէ՞ պէտք է սկսին լուծումները։

Այսօր   երկրի  մեծագոյն  խնդիրը փտածութիւնն է, որ կը կրծէ Լիբանանը:  Փտածութիւնը տարբեր մաշտապներու կ'երթայ, վերէն մինչեւ վար, կրնայ սկսիլ Նախագահէն՝ մինչեւ վերջին պաշտօնեան, կամ՝ նախարարէն մինչեւ նախարարութեան վերջին սրճեփը, որ կրնայ՝ «գործդ քալեցնել»: Լիբանանի մէջ ապրողը շատ լաւ գիտէ, որ եթէ գործ մը պիտի վերջացնես, աւելի լաւ է այդ փտածութեամբ զբաղուողներուն դիմել, քան ամբողջ օրդ վատնել եւ տեղ չհասնիլ: Սակայն փտածութեան այս հարցը լուծելը ընդհանրապէս կը դիմադրուի, որովհետեւ փտածութեան մեծ դէմքերը պաշտպանուած են իրենց յարանուանական հովանիով, հետեւաբար, առաջին հերթին, փտածութեան մաքրագործումը պէտք է սկսի հովանին հանելով, եթէ այդ երեւոթները վերանան կը   կարծեմ, որ մարդիկ կը սկսին աւելի քիչ փտածութեան մէջ ներքաշուիլ։

 

- Ի՞նչ կը մտածէք  «Համայնքային  դրութեան» մասին. արդեօք  այդ իշխանակարգին վերացումը որեւէ ձեւով վնասակար պիտի  ըլլա՞յ լիբանանահայութեան։ 

Լիբանանի մէջ «համայնքային դրութիւն»ը պէտք է զարգանայ, եւ ոչ թէ՝ վերանայ, այսինքն, ապակեդրոնացած վարչական ձեւով շրջաններ պէտք է ունենանք, սակայն այս մէկը տարբեր է այն confederal համակարգէն, որուն  ջատագովներն ալ կան։  Բայց իմ մատնանշած ձեւով ապակեդրոնացումը կը զարգացնէ շրջանները եւ համայնքներուն գոյնը կը պահպանէ: Կարծեմ Զուիցերիան ալ համայնքային ձեւ ունեցած է, Պելճիքան ալ երկու հիմնական համայնքներ ունի՝ ֆրանսախօսներ եւ ֆլամաններ, որոնք մինչեւ հիմա զիրար կ'ատեն, բայց ձեւը գտած են ընտրութեան եւ մինչեւ հիմա  իրար հետ կ'ապրին:

Լիբանանի պարագային, եթէ միահամուռ համակարգ ըլլայ, ամէնէ առաջ պիտի վնասուին փոքրամասնութիւնները: Մեզի, որպէս լիբանանահայութիւն, համայնքային դրութիւնն է որ կը փրկէ եւ երեսփոխաններուն թիւը կը պահպանէ, նախարարները կը պահպանէ, մեր ձայնը կը պահպանէ, վերջ ի վերջոյ, պէտք է ապահովենք մեր քաղաքական ապահովութիւնը:   

 

- Բողոքի  ալիքի  աւարտին, շատեր  կ'ըսեն, որ   մեծ թիւով  լիբանանահայեր, որոնք    երկմտանքի մէջ էինպիտի լքեն  երկիրը  ու գան Հայաստան հաստատուին: Կա՞յ   այդպիսի բան։  Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ 

Ճիշդ էք. լիբանանահայութեան թիւը ոչ թէ պիտի նօսրանայ, արդէն նօսրացեր է, այդ մէկը ակնյայտ է, գոնէ իմ շրջապատիս մէջ. Սուրիահայերն ալ  երբ քանի մը տարի առաջ եկան, թիւով շատ էին, բայց անոնք ալ գրեթէ   հեռացան: Այո, Հայաստան  մեկնող  շատ պիտի ըլլայ, բայց ոչ միայն դէպի Հայաստան. ով որ առիթը ունի ուրիշ տեղեր երթալու պիտի երթայ, ըլլայ՝ Կիպրոս, Գանատա, Աւստրալիա Ամերիկա: Ճիշդ է, Հայաստանը լաւ ընտրանք է, միայն թէ տնտեսական վիճակը շատ չի քաջալերեր, եթէ փայլուն ըլլար Հայաստանի տնտեսական վիճակը, հաւատացէք, որ հոս հայ չէր մնար, բայց այդպէս չէ: 

 

- Լիբանանահայ  գաղութին անխուսափելի նօսրացումը, ինչ որ կերպ եւ ինչ որ տեղ   վնասակար կրնա՞յ ըլլալ Հայաստանին։

Ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին նօսրացոմը ոչ  միայն կրնայ վնաս ըլլալ Հայաստանին, այլ կրնայ ամբողջ գաղութային համակարգը  խախտել, որովհետեւ Լիբանանի հայ գաղութը, լաւագոյններէն մէկն է ամբողջ աշխարհին մէջ, ուր դեռ արեւմտահայերէն կը խօսին, հայկական դպրոցներ կան, հայկական եկեղեցիներ կան, հայկական սովորութիւնները կը պահպանուին: Սուրիահայ գաղութը գրեթէ ոչնչացաւ, չնայած դեռ գոյութիւն ունին Հալէպը, Դամասկոսը եւ այլն, անկէ առաջ ալ Եգիպտոսի, Պաղտատի, եթէ աւելի  անցեալ երթանք՝ Հնդկաստանի, Լեհաստանի մեր գաղութերը բոլորը նօսրացած են: Այս գաղութներու վերացումը օգուտ պիտի չտայ Հայաստանին, ընդհակառակը՝ վնաս է, քանի որ այս գաղութները Հայաստանի դեսպաններն են, Հայաստանի ջատագովներն են ամբողջ աշխարհին մէջ: Հայաստանը պէտք է մեծ աշխատանք տանի, որ հայ գաղութները պահպանէ: Հայաստանը այս ուղղութեամբ, դժբախտաբար, ոչ մէկ բան կ'ընէ, եւ յետոյ կը պահանջէ գաղութներէն, որ իրեն օգտակար դառնան, գաղութներու արիւնը ծծելով չէ, որ Հայաստանը պիտի լաւանայ, ընդհակառակը, գաղութներուն բան մը պիտի տաս, որպէսզի կարողանաս  ապագային  բան մը առնել...