image

Երուսաղէմի մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ հողերու վաճառքը կը զայրացնէ քրիստոնեաները

Երուսաղէմի մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ հողերու վաճառքը կը զայրացնէ քրիստոնեաները

Պաղեստինեան քրիստոնեայ համայնքներ զայրոյթի ալիք բարձրացուցած են այն բանին համար, որ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը Արեւմտեան Երուսաղէմի մէջ հրեայ եւ օտարերկրացի մարմիններու հողատարածքներ եւ գոյքեր կը վաճառէ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Հակառակ նշուած գոյքերը յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ շատ ջնջին գումարներով վաճառուելուն, սակայն վերջինս կը պնդէ, որ իր նպատակը որոշ գոյքերու նկատմամբ իր նիւթական իրաւունքն ապահովելն է:

Վաճառքի գործարքներուն դէմ բողոքի դուրս եկած քրիստոնեաներ համարած են, որ կատարուածը «դաւաճանութիւն է եւ ազգային իրաւունքներու ոտնահարում» է:

Այս առթիւ երկրի քրիստոնեաները պահանջած են արաբականացնել ուղղափառ եկեղեցին, ու անոր ղեկավարումը յանձնել արաբ կղերականներու, ինչպէս նաեւ պաշտօնանկ յայտարարել համայնքի պատրիարքը: