image

Երուսաղէմ յաւիտեան կանգուն պիտի մնայ, իսկ Թրամբ պիտի կորչի. Քատիրով

Երուսաղէմ յաւիտեան կանգուն պիտի մնայ, իսկ Թրամբ պիտի կորչի. Քատիրով

Չեչենիոյ նախագահ Ռամատան Քատիրով յայտնած է, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամբի որոշման առնչութեամբ իրականացուած վերջին հանրաքուէն ցոյց տուաւ, թէ համարեա' բոլոր աշխարհը դէմ է Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու Թրամբի որոշման:

Քատիրով «Instagram»ի իր պաշտօնական էջին գրառում կատարած է, ուր նշած է, թէ ՄԱԿ պաշտօնապէս որոշեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու որոշումը օրինական չէ, աւելցնելով. «Այն 9 երկիրները, որոնք կողմ քուէարկեցին Թրամբի որոշման, մերժելու հնարաւորութիւն չունէին, որովհետեւ այն կրնար Թրամբի կողմէ վատ հետեւանքներու առաջնորդել իրենց երկիրներուն համար»:

Քատիրով եզրափակելով գրառումը շեշտած է, որ Թրամբ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Սպիտակ Տան մէջ պիտի չմնայ, այլ բոլոր միւս նախագահներուն նման պիտի հեռանայ, իսկ Երուսաղէմը յաւիտեան կանգուն է: