Փոխանակ օգտագործելու Միջերկրածովեան շրջանի արեւելքէն կազի համար ակնյայտ թրանզիթային կէտի Թուրքիոյ առաւելութիւնները, նախագահ Էրտողանի թշնամական քաղաքականութիւնը կը ստիպէ տարածաշրջանի երկիրներուն դիմել թանկարժէք ռազմավարութիւններու՝ իրենց ածխաջրածնային պաշարները եւրոպական երկիրներ հասցնելու համար՝ Haaretz-ի մէջ գրած է Տեւիտ Ռոզենպըրկը։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ու Կիպրոսի Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն մէջ նաւթի եւ կազի հետախուզման հետ կապուած լարուածութիւնը այս շաբաթ ուժեղացած է այն բանէն ետք, երբ Անգարան յայտարարած է, որ երկրորդ հորատող նաւը պիտի ուղարկէ կազ փնտռելու Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ:
Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական միութիւնը միացած են տարածաշրջանի երկիրներուն՝ դատապարտելով այդ քայլը։
Թուրքիան կը յայտարարէ, որ կղզիի հիւսիսային շրջանին մէջ առանձնացած կիպրոսցի թուրքերը պէտք է ստանան ուժանիւթակիրներէն եկամուտներու արդար բաժնեմասը։ Թուրքիան կը յաւակնի այն մասերուն, որ Կիպրոսը որոշակիացուցած է որպէս իր բացառիկ տնտեսական գօտի։ Անցեալ տարի թրքական ռազմանաւերը երկու անգամ արգելափակած էին հետազօտութիւններ կատարող նաւը, որ իտալական ուժանիւթի Eni ընկերութիւնը վարձակալած էր Կիպրոսի ափերու մօտ։
Ինչպէս նշած է հեղինակը, ո՛չ ԱՄՆ-ը, ո՛չ ԵՄ-ն չեն կրնար արդիւնաւէտ զսպել Թուրքիոյ յաւակնութիւնները։ Սակայն Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ճգնաժամը, որ կը թուլացնէ Էրտողանի իշխանութիւնը, կրնայ ստիպել նախագահին անցում կատարել այնպիսի քաղաքականութեան, որ կրնայ օգնել յաղթահարել նիւթական խնդիրները՝ կը կարծէ Ռոզենպըրկը։