Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ընդունած է Ազգային ժողովի նախագահ Իսմահիլ Քահրամանն ու անոր օգնականները: Էրտողանին այցելած են նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու Ժողովրդա-հանրապետական, Ազգային շարծում, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Հանդիպումներուն ընթացքին Էրտողան կարեւոր յայտարարութիւններ ըրած է: Մասնաւորապէս ան ըսած է, որ վարչապետին ենթակայութեան տակ գտնուող Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ զինուորական գլխաւոր շտաբը պէտք է ենթակայ դառնան նախագահական նստավայրին: Ան նաեւ խօսած է այն մասին, որ նախագահին պէտք է ենթարկուին Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու «Զինուած ուժեր»ու հրամանատարութիւնները: Էրտողան ըսած է, եթե իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը համաձայնութեան գան, այս գործընթացը պէտք է կեանքի կոչել: Պէտք է նկատել, որ Էրտողան քայլերով փորձ կ'ընէ ընդարձակել իր իշխանութիւնն ու միահեծան գործելաոճով մը կառավարել երկիրը: