Թրքական «Սաբահ» կայքի փոխանցմամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէփ Էրտողան այցելութիւններ կատարած է յեղաշրջման փորձը կասեցնելու պայքարին մասնակցած եւ զոհուածներու ընտանիքներուն: Այցելութիւններուն ընթացքին խօսելով «Ժողովրդավարութեան եւ նահատակներ»ու հանրահաւաքին մասին, Էտողան ըսած է, թէ հոն կուսակցական դրօշներու տեղը չէ, այլ այդտեղ պէտք է միայն Թուրքիոյ դրօշը ծածանի: Էրտողան անդրադարձ կատարած է նաեւ մահապատժի վերականգնման խնդրին: Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Ազգը ի՞նչ կուզէ, մահապատի՞ժ, ուրեմն խորհրդարանը պարտաւոր է քննարկել այդ մէկը: Եւրոպական խորհրդարանը, Եւրոպական միութիւնը ի՞նչ կըսեն: Բնաւ կարեւոր չէ, անոնք իրենց գործերուն թող խառնուին»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: