image

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ ՌԱԿ-Վերականգնումի Մարմնի Խորհրդաժողովը

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ ՌԱԿ-Վերականգնումի Մարմնի Խորհրդաժողովը

Այսօր Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վերականգնումի մարմնի խորհրդաժողովը: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Անգլիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Իրաքէն ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ: Ժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան ՌԱԿ պատասխանատուներ Երուանդ Ազատեան, Վարդան Նազիրեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Արտաւազդ Մելքիսէթեան եւ ուրիշներ: Ժողովի բացման ներկայ էր  նաեւ ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար պրն. Վահագն Մելիքեանը: «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով, յառաջիկայ օրերուն իր օրակարգերը աւարտելէ ետք, ժողովը պիտի ընտրէ մարմին մը, որ նպատակ պիտի ունենայ յառաջիկայ հանգրուանին կազմակերպել ՌԱԿ պատգամաւորական ժողով: