image

Երեւանի Մէջ Պաղեստինի Դեսպանատան Բացման Հարցը Սեղանի Վրայ Է. Մանուէլ Հասէսեան

Երեւանի  Մէջ Պաղեստինի  Դեսպանատան Բացման  Հարցը  Սեղանի Վրայ Է. Մանուէլ Հասէսեան

Մեծն Բրիտանիոյ մօտ  Պաղեստինի      դեսպանին   խօսքով,  Երեւանի մէջ իրենց  դեսպանատան բացման  խնդիրը սեղանի վրայ է:  Դեսպան  Մանուէլ Հասէսեան  այս մասին յայտնեց «Արեւելք»ին դիտել տալով, որ   ամենաբարձր շրջանակներու մէջ այս խնդրի քննարկումը  կը շարունակուի: Ան  նաեւ    ըսած է է, թէ նախքան  դեսպանատան  բացուիլը՝ յառաջիկայ ամիսներուն  պաղեստինցի պատասխանատուներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը  Երեւան  պիտի այցելէ եւ հանդիպումներ  պիտի ունենայ հայաստանցիպատասխանատուներուն հետ:  Արձագանքելով   տարբեր ամպիոններէ  լսելի դարձած  այն  խօսքերուն, որ Պաղեստինի  կառավարութեան համար   այդքան ալ  առաջնակարգ  տեղ  չի գրաւեր Երեւանի մէջ դեսպանատուն մը հիմնելու  հարցը, Հասէսեան  «Արեւելք»ի ներկայացուցիչին ըսած է, որ  պաղեստինցի ժողովուրդն ու պետութիւնը   մեծ ակնածանք կը տածեն   հայութեան եւ Հայաստանի հանդէպ եւ այդ առումով   դեսպանատան    բացուիլը պէտք է մղիչ ուժ դառնայ երկու երկիրներու  յարաբերութեանց  ուռճացման  համար:

Նշենք, որ   շուրջ 10 օր առաջ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ  Ապպաս   հայկական Սուրբ  Ծննդեան  տօնին առթիւ  ներկայ եղած էր    Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց  վանքի տաճարին մէջ     մատուցուած  Սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ   դրուատական  խօսքեր  հնչեցուցած է հայութեան  մասին: