image

Երեւանի մէջ հրդեհ՝ զոհեր չկան

Երեւանի մէջ հրդեհ՝ զոհեր չկան

17 Մայիսին` ժամը 19:08-ին, 911 ծառայութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Երեւան քաղաքի Բանաւան թաղամասի թիւ 6 շէնքի մօտակայքը խանութի տանիք կ'այրի:

Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է մթերային խանութի տանիքի մասը:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 19:28-ին, մարուած՝ 19:39-ին: Այրած են խանութի տանիքի փայտեայ կառուցատարրերը (մօտ 3 քմ):