image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ եղած բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած է 40 հոգի. Բռնութիւն՝ լրագրողներու դէմ (Լուսանկար)

Երեւանի մէջ  եղած  բախումներուն  հետեւանքով վիրաւորուած է  40  հոգի. Բռնութիւն՝ լրագրողներու դէմ (Լուսանկար)

Տասնեակ  վիրաւորեալներ փոխադրուած են Երեւանի տարբեր հիւանդանոցները: Ըստ  լրատուական աղբիւրներու,  վիրաւորներուն թիւը կը հասնի  40-ի եւ անոնց  իրավիճակը  կը գնահատուի միջին ծանրութեան:  Բռնութիւն կիրառուած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանի  «Արմէնիա»  հեռուստաընկերութեան  եւ «Ժամ»,  «Առաջին լրատուական» A1+  կայքերու   աշխատակիցներուն դէմ: Ծանր վիրաւորում ստացած են` «Առաջին  լրատուական» կայքի լրագրող ՝ Մարիամ   Գրիգորեանն ու  նկարահանող՝ Դաւիթ Յարութիւնեանը  Իր կարգին  ոստիկանութեան  մամլոյ  վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան  ֆէյսպուքեան իր էջով գրառում մը կատարելով   յայտնած է, թէ անյապաղ քննութիւն պիտի բացուի լրագրողներուն  դէմ   եղած դէպքերուն  վերաբերեալ:  Միւս  կողմէ  ՊՊԾ  գունդի  կեդրոնին մասին  նոր  տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Երէկ  յետմիջօրէին     «Սասնայ ծռեր»  խումբի   երեք զինեալներ վիրաւորուած էին: Զինեալներէն երկուքը` Արթուր Մելգոնեան   եւ Արմէն  Լամբարեան փոխադրուած    են  հիւանդանոց, մինչ     Արայիկ Խանդոյեան,  յայտնի՝  «Միայնակ գայլ» անունով  մերժած է  դուրս  գալ ՊՊԾ  կեդրոնէն: