image

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին».Յակոբ Բագրատունի

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին».Յակոբ Բագրատունի

  Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականով սկիզբ առած Լիբանանի  քաղաքական տագնապը կը շարունակուի: Այս առումով Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ   երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն ընդունած է երկրի քաղաքական  գլխաւոր կողմերու ներկայացուցիչները:

 

   Պաապտայի նախագահական պալատ այցելողներու շարքին եղած է նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ  եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ղեկավար  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

 

 Բագրատունի, որ հանդիպումէն անմիջապէս  ետք  խօսած է  լրագրողներուն  ըսած է,  որ   երկրին մէջ տիրող քաղաքական  տագնապը երկար պիտի չտեւէ: Ան նաեւ խօսած է յառաջիկայ տարի կայացուելիք երեսփոխանական ընտրութեանց մասին նկատել տալով, որ նախագահ Աունէն  հաւաստիացումներ ստացած է, որ  այդ  ընտրութիւններ   պիտի  կատարուին ճիշդ ժամանակին:

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթեցողներուն կը նըրկայացնենք    Լիբանանի   ՀՅԴ օրկան «Ազդակ»   այս  մասին  այսօր առաւօտ ներկայացուցած լրատուութիւնը:

Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին այցելեց նախագահական պալատ:

 

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպելէ ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս համբերատար զգուշաւորութիւնը տիրական է, որովհետեւ նման հարցեր ժամանակի կը կարօտին:

 

«Տագնապը քաղաքական է, եւ մենք կարիքը ունինք իմանալու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին իսկական պատճառները», ըսաւ ան:

 

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: «Ճիշդ է, որ կայ տագնապ մը, սակայն նախագահ Աուն ունի սահմանադրական իրաւասութիւններ, եւ այդ տագնապը երկարատեւ պիտի չըլլայ», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: