image

Երէկ Պոլսոյ Մէջ Գրանցուած Պայթումին Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան.Աղբիւր

Երէկ   Պոլսոյ  Մէջ     Գրանցուած  Պայթումին   Զոհերուն   Մէջ  Հայեր Չկան.Աղբիւր

Պոլսոյ  «Իսթիքլալ» փողոցի  մօտակայքը   երէկ գրանցուած  պայթումէն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ  հայեր չկան:  Այս մասին տեղեկութիւնը  «Արեւելք» ճշդեց   Պոլսոյ  իր  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ           պայթումէն  անմիջապէս ետք   յայտնի դարձած է, որ     դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած  Օքսէն Խաչանեան      փոխադրուած է  Շիշլիի «Էթֆալ»  հիւանդանոց եւ ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ: Ինչ կը վերաբերի   զոհերուն  մէջ եղած   հայ երեխայի մը մասին  լուրերուն,   մեր աղբիւրը յայտնեց, որ զոհուած  երեխան   հայ չէ,    ու անոր ինքնութեան  մասին տարբեր տեղեկութիւններ շրջան կ'ընեն, մինչ  որոշ կողմեր կը  յայտնեն, որ  2.5 տարեկան  երեխան   հրեայ  համայնքէն է, անդին այլ աղբիւրներու համաձայն    մահացած երեխան ատեամանցի է: Նշենք, որ  պայթումը խլած էր  5   զոհեր, որոնց  3-ը         ամերիկեան հպատակութիւն ունեցող   հրեաներ են: 

Վերջին  ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ   կատարուած ահաբեկչական   գործողութիւններուն հետեւանքով զոհերուն թիւը    անցած է  80-ը:   Պոլսոյ, Անգարայի եւ  այլ քաղաքներու մէջ  ոստիկանութիւնը    բարձրագոյնի հասցուցած է ապահովական միջոցառումներն ու կանխազգուշութիւնները: