Ղարաբաղ- ազրպէյճան սահմանի ողջ երկայնքին երէկ հակառակորդը հրադադարի հերթական խախտումներ ըրած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ հակառակորդը հայկական սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ ՀԱՆ- 17 տիպի հրանետեր գործածած է: Հայկական կողմը անհրաժեշտ գործողութիւններու դիմելով զսպած է թշնամիի արարքները: