Երբ, որ ամերիկացիները գան, աւելի լաւ պիտի ըլլայ ամէն ինչ։
Նոր գարուն պիտի բերեն իրենց հետ, չնայած անոր, որ անոնց պարգեւած գարուններուն բոյրը տակաւին ամբողջապէս չէ անցած ...
Տակաւին, Իրաքի, Սինճարի, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ յատկապէս Դամասկոսի մէջ մարդիկ կը շարունակեն իրենց կեանքով ապրիլ։
Նեղ ու աղմկոտ թաղերու մէջէն վեր կը սլանայ անոնց օրը, մարդիկ հաց կը թխեն, զաւակ կը պահեն, իրենց զաւակները դպրոց կը տանին, , աշնանը քամուած ձէթով հիւթեղ սեղան կը բանան եւ երեկոյեան ալ նախքան անկողին մտնելը չեն մոռնար Աստծոյ փառք տալ։
Ուրեմն այս բոլորին դիմաց յստակ է, որ «ամերիկեան երազ»ը դեռ չէ ամբողջացած ու չէ հասած իր աւարտին։
Կեանքը սրընթաց կերպով կը շարունակուի, փոքրիկներու երազները կը մեծնան, երէկուան փոքրիկները պատանի կը դառնան ու բոլորը կը սպասեն, որ իրենց գարունը գայ։
Անդին ուրիշներ դեռ կը սպասեն, որ երբ պիտի գան ամերիկացիները։
Երբ տուն պիտի բերեն, իրենց կողմէ կարուած հին երազները եւ երբ պիտի օգնեն, որ քունի անցածները արթննան ու փոխեն իրենց հինցած վարկածները։
Տակաւին յստակ ալ չէ, որ երբ պիտի երեւնայ ամերիկայի կողմէ մանուած «նոր միջին արեւելք»ը, հակառակ անոր, որ ամբողջ շրջանը կ՚եռայ եւ կրօնքի, ատելութեան, գաղձի եւ քաղցկեղի ճիրաններուն մէջ ինկած հասարակութիւնները նոր պատերազմներու մասին երազներ կը յօրինեն։
Այս բոլորէն անդին ամէնէն շուարածները փիւնիկէի ջուրերուն վրայ իրենց ոտքերը երկարած լիբանանցիներն են, անոնք հրամանով կը չափեն իրենց օրը, հրամանով կ՚աղան իրենց ցորենը եւ հրամանով կը պատրաստեն իրենց սեղանը։
Ամէն գնով կ՚ուզեն տարբեր ըլլալ իրենց շրջապատէն եւ կ՚ուզեն այնպէս կը ձեւանալ, որ իրենք, այո իրենք առաջատարն են Միջին Արեւելքին։
Այս օրերուն անոնք ուրիշ վէճի մը տրուած եւ եւ աւազէն հանելով իրենց գլուխները եւ կը սպասեն, որ ամերիկացիները գան ու փրկեն «իրենց» Միջին Արեւելքը։
Խօսի՞ն Սուրիոյ հետ, ընդունին այդ երկրի «ներկայութիւն»ը, կամ սպասեն, որ իրենցմէ առաջ, բոլոր ճերմակ հագած իշխանները Դամասկոս հասնին, ու սուրճ խմելու համար հերթի կանգնին նախագահական պալատին առջեւ...
Զարմանալի են չէ լիբանանցիները, այսքան տարիներու փորձառութենէն տակաւին չեն սորված, ու չեն հասկցած, որ շրջանին մէջ տարուող «մեծ խաղեր»ուն մէջ «փոքրիկ»ները տեղ չունին...
Աւելին ըսելիք չունին։
Անոնք մոռցած են, 1990 թուականի դէպքերը, երբ նոյն ամերիկացիները արծաթէ սկուտեղի վրայ դրին ՝ Լիբանանը եւ զայն նուիրեցին Սուրիային։
Անոնք մոռցած են 1976 թուականի դէպքերը, երբ ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ հրոյ ճարակ դարձաւ Սահտիյէթ շրջանի նախագահական պալատը ու անոնք մոռցած են տակաւին, որ քանի-քանի Լիբանանցի նախագահներ եւ առաջնորդները հողին յանձնուեցան, պարզ անոր համար, որ չէին հասկցած տարուած խաղերուն տարողութիւնն ու «իմաստ»ը։
Անոնք երեւի թէ «ձուկի յիշողութեամբ» կ՚ապրին ու ամէն անգամ զոհը կը դառնան «միւս բարեկամներ»ուն եւ Լիբանանը «շատ սիրողներ»ու կարթերուն ...
Այսօր ալ նոյնն է, Լիբանանցիք կը սպասեն, որ ամերիկացիները ետ քան, (աւելի ճիշդը պիտի ըլլար ըսել, լիբանանցիներու մաս մը-Խմբ. ՝«Արեւելք»), մինչ սպիտակ տան վարիչները, իրենց թեւերը սոտթելէ առաջ կը շտապեն իրենց ձեռքերը լուալ հիմա ալ Իրաքի մէջ գոյանալիք արեան ճահիճներուն մէջ, հաշուի առնելով, որ անոնց «արիւնոտ» երազները փշուր-փշուր գետին ինկան Դամասկոսի մեծ ու լայն դարպասներուն առջեւ...
Անոնք կը մոռնան, որ պատմութեան անիւի ընթացքը նոյնն է ու վաղուան օրը անպայան հերթի պիտի կ՚ենան, իրենց համար նախատեսուած «ճակատագրի նկանակ»ը վերցնելու համար։
Անշուշտ եթէ շարունակեն այսպէս վարուիլ ու ճիշդ չընկալել, որ որոնք են Լիբանանի իրական բարեկամները եւ որոնք այդ փայլուն Պէյրութի իրական թշնամիները։