«ԵՌԱՆԱՎ» շինարարական կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ սպասելի է, որ յառաջիկայ փուլին կազմակերպութիւնը հանդէս գայ աւելի մեծ եւ կարեւոր ծրագիրներով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «ԵՌԱՆԱՎ» կազմակերպութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը։
Մեր ունեցած տուեալներով, յատկապէս վերջին ամիսներուն ընթացքին տարբեր հարթակներու վրայ «ԵՌԱՆԱՎ»ի անունը յաճախ հոլովուեցաւ ժխտական շեշտադրումներով։
Ու աւելի քան պարզորոշ է, որ կազմակերպութիւնը, շնորհիւ իր սեփականատիրոջ անվհատ կամքին եւ խոհուն մօտեցումներուն, կարողացաւ թօթափել եւ անցեալին յանձնել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։
Ամէն պարագայի, մեր հրապարակման լաւագոյն ապացոյցը պիտի ըլլայ առաջիկայ ամիսներուն կազմակերպութեան կողմէ հրապարակ հանուած նոր ծրագիրները, որոնց հիմնական շաղախին մէջ կարեւորագոյն տեղ տրուած է հայրենադարձութեան գաղափարին։