23 Փետրուար 2016-ին Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգշ. Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը ժամանած է Պասրա: 24 Փետրուարին Պասրայի մէջ հոգեւոր հովիւիւի եւ թաղական խորհուրդի անդամներու ուղեկցութեամբ Հայր Սուրբը այցելած է հայոց դպրոց, հայկական գերեզմանատուն, ինչպէս նաեւ Պասրայի սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցած է հանդիպում հայ համայնքի անդամներուն հետ:Նշենք, որ հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ Վարդապետին ընդունած է Պասրայի հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Վրդ. Ազարեանը