Եգիպտոսի անվտանգութեան մարմինները հիւանդանոց տեղափոխած են «Իսլամական Եղբայրութիւն» խմբաւորման նախկին ղեկավար Մուհամմատ Մահտի Աքէֆը այն բանէն ետք, երբ վերջինիս առողջական վիճակը վատթարացած է, կը գրէ «Ալ Քուտս» լրատուականը:
Աքէֆի փաստաբանը յայտնած է, որ վերջին 6 ամիսներու ընթացքին 88-ամեայ նախկին ղեկավարը արդէն իսկ բանտի հիւանդանոցը կը գտնուէր, նկատի ունենալով անոր առողջական ծանր վիճակը, սակայն զինք պետական հիւանդանոց տեղափոխելը ապացոյց է, որ առողջութիւնը չափազանց վատ է:
Յիշենք, որ Աքէֆ կը համարուի «Իսլամական Եղբայրութիւն» խմբաւորման առաջին ընդհանուր ղեկավար: