Եգիպտական օդանաւը առեւանգող զինեալը ականեալ գօտի կը կրէ: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցող աղբիւրները նաեւ կը հաղորդեն, որ կը կարծուի, թէ օդանաւին վրայ ռումբեր կան: Ըստ Կիպրոսի պետական ձայնասփիւռին, օդանաւին վրայ ռումբեր կրնան ըլլալ: Նախնական տեղեկութիւններով օդանաւին վրայ կան 62 ուղեւորներ եւ ցարդ հաստատուած է, որ առեւանգողը մէկ զինեալ է: Նշենք, որ Աղէքսանդրիայէն Գահիրէ մեկնող քաղաքացիական օդանաւ մը առեւանգուելէ ետք Կիպրոս վայրէջք կատարած էր: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան կողմէ: Կը նշուի նաեւ, որ օդանաւը Airbus 320 տիպի է, կը պատկանի եգիպտական Egypt Air-ին: