Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ հերթական անգամ դատապարտած է Թուրքիան: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը նշելով, որ Ասատ քննադատած է թրքական կողմին դիրքորոշումները երէկ լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին:
Ասատ մասնաւորապէս խօսելով Աֆրինի դէպքերուն մասին նկատել տուած է, որ Անգարա Աֆրինի մէջ կատարած իր զինուորական գործողութեամբ նպատակ ունի պաշտպանել ահաբեկչական խմբաւորումները:Ան թրքական այս միջամտութիւնը համարած է Սուրիոյ դէմ նենգամիտ յարձակում մը: Սուրիոյ նախագահը նաեւ դիտել տուած է, որ Դամասկոսի Արեւելեան Ղութայի մէջ ընթացք առած պայքարը նոյն պայքարն ահաբեկիչ զինեալներուն դէմ, որ իրականացուած էր Հոմսի, Հալէպի եւ Տէր Զօրի մէջ: Ասատ նաեւ ըսած է, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը ահաբեկիչներուն դէմ: