Եէմէնի մօտ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգող Ճիմի Մաքկոլտրիք յայտնած է, որ 22 միլիոն եէմէնցի կը տառապի տնտեսական ծանր իրավիճակէ, եւ անոնց կէսը անյապաղ օգնութեան կարիք ունի, միաժամանակ զգուշացնելով շրջափակման հետեւանքով երկրին սպառնացող վտանգէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Մաքկոլտրիք շեշտած է, որ Եէմէնի մէջ տիրող սնունդի ճգնաժամը համաշխարհային չափանիշով ամենախոշորն է, եւ յատկացուող մարդասիրական օգնութիւններն անբաւարար են: Ան Միջազգային դաշնութեան կոչ ուղղած է շրջափակումը վերացնելով թոյլ տալ ապրանքներու ներմուծումը: