7 փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանին, Հադրութի շրջանի ուղղութեամբ, Հորադիզի հիւսիսը, ծրագրուած դիտարկում պիտի իրականացնէ: Այս մասին կը տեղեկացնէն ԼՂՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիստօ Խրիստովը (Պուլկարիա) եւ Իրժի Ապերլէն (Չեխիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմըն Թիլլէրը (Մեծն Բրիտանիա):
ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցիլ դիտարկման անցկացման եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը: