Արտակարգ միջադէպ մը գրանցուած Մէլպըռնի մէջ, երբ բեռնատար կառք մը անցած է պատահական անցորդներու վրայէն սպաննելով 3 անձ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայ Ձայն», նշելով, որ դէպքը եղած է Մէլպըռնի Պուրք փողոցին մէջ եւ կառք վարողը ձերբակալուած է: Դէպքէն անմիջապէս ետք ոստիկանութիւնը փակած է բոլոր փողոցները եւ արտակարգ դրութիւն հաստատած շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ,որ դէպքին հետեւանքով 20 անձեր վիրաւորուած են եւ շրջանը ապրած է սարսափի տեսարան մը:
Ըստ ոստիկանութեան մէկ բանբերին չի բացառուիր, որ դէպքը արդիւնք է ահաբեկչութեան: