image

«Դէմ չենք, որ սուրիական բանակը միջամտէ ու Աֆրինը փրկէ». Քիւրտ զինեալ

«Դէմ չենք, որ սուրիական բանակը միջամտէ ու Աֆրինը փրկէ». Քիւրտ զինեալ

Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու գլխաւոր հրամանատար Սիփան Համօ չի բացառեր Սուրիոյ բանակի մուտքը Աֆրին, թրքական ուժերուն դէմ պայքարող քիւրտերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

Համօ պատասխանելով «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան լրագրողի հարցին նշած է, որ իրենք դէմ չեն, որ Սուրիոյ բանակը մուտք գործէ Աֆրին, նպատակ ունենալով քաղաքն ու բնակչութիւնը պաշտպանել թրֆական կողմի յարձակումներէն:

«Կառավարութիւնը մշտապէս կը յայտարարէ, թէ Աֆրին Սուրիոյ մաս կը կազմէ, իսկ մենք կ'ըսենք՝ եթէ Սուրիոյ մաս կը կազմէ, ուրեմն պէտք է անոր հանդէպ քու պարտականութիւնդ կատարես»,- շեշտած է Համօ, միաժամանակ պնդելով, որ քրտական ուժերն իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանները սուրիական հողեր կը համարեն:

Համօ նշած է նաեւ, որ Դամասկոսի հետ համագործակցութիւնը կը սահմանափակուի դէպի Աֆրին մարդասիրական օգնութիւններ տեղափոխելու աջակցութեամբ: