Փարիզի «դեղին բաճկոնաւորներ»ը մտադիր են շարունակել իրենց բողոքի գործողութիւնները: Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «դեղին բաճկոնաւորներուն» անունով խօսող աղբիւր մը, նշելով, որ անոնք յուսախաբ են նախագահ Մաքրոնի երէկ արտասանած ճառէն եւ մտադիր են ամէն գնով շարունակել իրենց բողոքի գործողութիւնները:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն բողոքի շարժումներ կատարող «դեղին բաճկոնաւորներ»ը այսօր կը պահանջեն ամսականներու յաւելում, ինչպէս նաեւ նախագահ Մաքրոնի հրաժարականը: