image

Դարձեալ Կիւլէնի հայ ըլլալուն մասին կը խօսուի

Դարձեալ Կիւլէնի հայ ըլլալուն մասին կը խօսուի

Թրքական «Kanal A» հեռուստաալիքի «Թուրքիոյ ընտրութիւնը» հաղորդման հիւրի կարգավիճակով պատգամաւոր Օրհան Տելիկէօզը անդրադարձած է կիւլենական շարժման առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի ծագման խնդրին: 

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) պատգամաւոր Տելիկէօզը, ցանկալով «վարկաբեկել» Էրտողանի քաղաքական հակառակորդ, իսլամական քարոզիչ ու երկրի իշխանութիւններու կողմէ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձը նախաձեռնելու մէջ մեղադրուող Կիւլէնը, անոր վերագրեց հայկական ու հրէական ծագում ունենալ:

Պատգամաւորը յայտարարեց, որ Կիւլէնի հայրը ազգութեամբ հայ է, իսկ մայրը` հրեայ: Տելիկէօզը նշեց, որ Կիւլենի մօր անունը Ռապին էր` շեշտելով, որ այդպիսի անուն չ'օգտագործուիր, ո՛չ թուրքերու, ո՛չ ալ քիւրտերու շրջանին մէջ: Իսկ Կիւլէնի հօր մասին պատգամաւորը որեւէ տեղեկութիւն չէ յայտնա: Ուղղակի նշած է, որ Կիւլենի ընտանիքը Թուրքիա գաղթած է Իրանէն: Կարճ ժամանակ ապրած է Պիթլիս, այնուհետու տեղափոխուած Էրզրում: Տելիկէօզն ըսած է, որ Էրզրումի մէջ Կիւլէնը իր հօր անունով նոյնիսկ մզկիթ հիմնած է, բայց դարձեալ չէ պարզաբանած, թէ ինչ է Կիւլէնի ենթադրեալ «հայ» հօր անունը: