image

Դամասկահայ մասնագէտը «Արեւելք»ին պատմեց իր ստեղծած առողջապահական ծրագրին մասին

Դամասկահայ մասնագէտը «Արեւելք»ին պատմեց իր ստեղծած առողջապահական ծրագրին մասին

Առողջապահական ծրագիրներու համակարգող դամասկահայ Անդրանիկ Մարաշլեան պատասխանեց «Արեւելք»ի  հարցերուն։

 

 

-Պրն. Մարաշլեան, կը պատմէ՞ք մեզի ձեր աշխատանքին մասին:

 

Հիմնական աշխատանքս է   կարգի   հանրութեան  ներկայացնել  առողջապահական ոլորտին  համար  պատրաստուած համակարգչային  ծրագիրս։ Այս առումով իմ հիմնադրած  «Golden» ընկերութիւնը տարբեր տեսակի ծրագրաւորումներ կը պատրաստէ, ինչի շնորհիւ կը հեշտանայ մասնագէտ  բժիշկներու  կողմէ աշխատանքի կառավարման հարցը: Հիմա սակայն, աւելի շատ կեդրոնացած ենք բժշկական ոլորտի ծրագրաւորման աշխատանքներուն վրայ, որ որպէս առանձին բաժին կը կրէ «Golden Clinic» անունը: Այս ոլորտին մէջ կրնամ ըսել բաւական փայլուն արդիւնքներ արձանագրած ենք եւ այսօր  մեր  պատրաստած ծրագիրները ներգրաւուած  են  սուրիական  պետութեան     հովանին  կրող  առողջապահական  տարբեր    մարզերու մէջ։ Ունիմ նաեւ այլ բաժիններ, ինչպէս՝ «Golden School», « Golden Snack», « Golden Units» եւ «Golden Laboratary»:


-Ինչպէս նշեցիք, հիմնականը բժշկական ոլորտի՝ «Golden Clinic»ի ծրագիրներուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած էք, կը բացատրէք ի՞նչ կը ներկայացնէ այդ ծրագիրը:

Այո, ինչպէս ըսի, հիմնականը «Golden Clinic»ն է, որ յատուկ ծրագիրներ կը ներկայացնէ տարբեր մասնագիտութեամբ բժիշկներու համար: Այս ծրագրին շնորհիւ բժիշկներուն գործը մեծապէս կը դիւրանայ: Ծրագրին մէջ նախատեսուած է հիւանդի սպասարկման բոլոր փուլերը, ինչպէս՝ հիւանդի ընդունելութիւն, քարտուղարի կողմէ անունի գրանցում, բժիշկի մօտ մուտք, բժշկական տուեալներու արձանագրութիւն, նկարներու տեղադրում, նկարներու վրայ նշումներ ընելու հնարաւորութիւն, մինչեւ, նշանակուած բուժման միջոցի գրանցում, յաջորդ ժամադրութեան նշանակում, ամբողջը կ'արձանագրուի այս ծրագրին միջոցաւ:  Բացի այդ, ծրագրի միջոցաւ համակարգիչին մէջ հաւաքագրուած հիւանդի մասին բոլոր տուեալները մէկ կոճակի սեղմումով կ'անցնի բժիշկի հեռախօսին մէջ: Այսպիսով, ըսենք, բժիշկը երբ քլինիքէն դուրս կ'ըլլայ եւ հիւանդէ մը զանգ կը ստանայ, նախքան զանգին պատասխանելը իր մօտ կ'երեւայ հիւանդին էջը, անոր մասին բոլոր վերոնշեալ տուեալները, հետեւաբար բժիշկը արդէն նախքան պատասխանելը կը գիտնայ ո՛ր հիւանդն է , ինչէ կը տառապէր, ինչ դեղ նշանակած էր իրեն եւ այլն: Այսպիսով անշուշտ մեծապէս կը կրճատուի նաեւ թղթապանութեան եւ արխիւներու պահպանման աշխատանքը:


-Մինչ այդ նման ծրագիրներ չկայի՞ն, եթէ այո, ապա՝ ի՞նչն էր ձեր բերած նորարարութիւնը այս ոլորտին մէջ:


Մինչ այդ կային նման ծրագիրներ, սակայն անոնք հիմնական կեդրոնացած էին բժշկական քլինիքի աշխատանքի կանոնակարգման վրայ: Իմ ծրագրիս մէջ բերուած նորութիւնը այն էր, որ բացի բժիշկի աշխատանքի կազմակերպումէն, նկատի առնուած էր նաեւ գիտական կողմը, մասնագիտական իւրայատկութիւնները: Կրնամ ըսել, որ ծրագրաւորողները ընդհանրապէս բժշկական ոլորտի ծրագրաւորումէն կը խուսափին, նկատի ունենալով այդ մասնագիտութեան բարդ ըլլաը, բայց ես որոշեցի այդ ուղղութեամբ խորացնել իմ աշխատանքս եւ այսօր ծրագիրս օգտագործող բժիշկներու վկայութեամբ կրնամ ըսել, որ յաջողեցայ:


-Ինչպէս ըսիք, դժուար էր բժշկական ոլորտի ծրագրաւորումը, ինչո՞ւ որոշեցիք այս ոլորտին մէջ խորացնել ձեր աշխատանքը:

 

Ուրեմն 2010-էն մինչեւ 2012-ի կէսը, դեղի ընկերութիւն մը բժշկական մասնագիտութեան յատուկ երկու ծրագիր պատուիրեց, որ սուրիական կառավարութեան պիտի նուիրէր, մէկը լեարդի բորբոքման ծրագիր, միւսն ալ՝ յօդերու: Բժշկական ոլորտի վերաբերեալ ծրագրաւորման առաջին աշխատանքս այս պատուէրը եղաւ, զէրոյէն աշխատեցայ եւ հաւանութեան արժանացաւ: Ընկերութիւնը որոշեց Սուրիոյ բոլոր հիւանդանոցներուն բաժնել ծրագիրը, նախ սկսանք Դամասկոսի հիւանդանոցներէն, Հալէպի մէջ նոյնպէս շարունակեցինք գործը, իսկ երբ Հալէպէն արդէն Տէր Զօր պիտի անցնէինք, մեզի հրահանգ եկաւ, որ ետ վերադառնանք, ըսելով որ այնտեղ վիճակը շատ լարուած է, անկէ ետք Հոմսի մէջ ալ պատերազմը թէժացաւ, հետեւաբար մեր ծրագիրը ձախողեցաւ, քանի որ չշարունակուեցաւ նախատեսուածին համաձայն:

2012-էն վերջ, երբ գործերը բաւական թեթեւցան պատերազմի պատճառով, իմ պարագայիս՝ ընդհանարպէս դադրեցաւ, որոշեցի կեդրոնանալ գործս զարգացնելու վրայ: Մօտ մէկ ու կէս տարի հետեւեցայ ծրագրաւորման մէջ եղած բոլոր նորութիւններուն, իւրացուցի, սորվեցայ նաեւ բջիջային հեռախօսի ծրագրաւորում:

Սկսայ ծրագիրներ պատրաստել, եւ որովհետեւ հիմնական քլինիքներու համար սկսած էի աշխատիլ, այդ ուղղութեամբ խորացայ: Առաջին անգամ ընդհանուր բժշկութեան համար ծրագիր ըրի, վերջը կնոջաբանութեան (կինեքոլոկ), նկատեցի որ այս երկու ոլորտներուն մէջ նոյնութիւններ կան եւ կարելի է մէկ ծրագրով երկուքը ներկայացել, բայց բժիշկները դէմ եղան, ըսին որ նոյնը  չի կրնար ըլլալ, սխալ է եւ այլն: Շարունակեցի գործս, երրորդ ծրագիրը պատրաստեցի այս անգամ մանկաբուժութեան համար, այդպիսով աւելի համոզուեցայ եւ փաստեցի, որ նոյնն է, հտեւաբար զանց առի այդ երեք առանձին ծրագիրները եւ նոր սորված թէքնիքներս օգտագործելով, զէրոյէն աշխատեցայ եւ նոր ծրագրաւորում ըրի, որ կարելի էր համապատասխանեցնել բժշկական բոլոր ոլորտներուն: Արդիւնքը յաջող էր, բժիշկներն ալ տեսան, որ նկատածս ճիշդ էր, անոնցմէ մէկը նոյնիսկ ըսաւ, որ միայն դուք՝ հայերդ կրնաք նման բաներ ընել, ուրիշ մէկը չի կրնար:

Ներկայիս այս ծրագիրին համապատասխանեցուցած եմ 9 մասնագիտութիւն, ինչպէս՝ ըդնհանուր բժշկութեան, կնոջաբանութեան, մանկաբուժութեան, ակնաբուժութեան, tube baby, ականջի բժշկութիւն, ուռուցքաբանութեան եւ այլն:

 

-Նշեցիք, որ ձեր ծրագիրը այժմ պետական մակարդակով ընդունուած է Սուրիոյ մէջ, ինչպէ՞ս եղաւ այդ մէկը:


Ուրեմն, երբ երկրին մէջ ապահովական վիճակը բաւական բարելաւուեցաւ, այդ նոյն դեղի ընկերութիւնը, որուն հետ աշխատանքները պատերազմի պատճառով ընդհատուած էին, դարձեալ կառավարութեան նուէր ընելու նպատակով ծրագիրներ պատուիրեց ինծի, այս անգամ բժշկութեան այլ ոլորտներու վերաբերեալ: Եւ քանի որ ես պատերազմի տարիներուն բաւական աշխատած եւ ծրագրաւորումներ ըրած էի այդ ուղղութեամբ, իրենց առաջարկեցի իմ ըրած գործերուս նմուշներէն վաճառել, մանաւանդ որ շատ աւելի աժան պիտի ըլլար իրենց համար եւ աւելի կարճ ժամանակի մէջ պիտի պատրաստուէր, որովհետեւ ինչպէս ըսի, իմ պատրաստած հիմնական ծրագրիս մէջ փոքր փոփոխութիւններ ընելով կարելի էր ան համապատասխանեցնել բժշկական որեւէ ոլորտի:

Այդպիսով շատ կարճ ժամանակի մէջ պատրաստեցի իրենց ուզած մասնագիտութիւններուն համապատասխան ծրագիրները, երբ ներկայացուցի իրենց ծրագրին մէջ հաշուի առնուած իւրաքանչիւր գիտական մանրամասնութիւնը եւ մասնագիտութեան վերաբերող իւրայատկութիւն, զարմացան, թէ ինչպէս կարելի էր այդքան բան ներկայցնել մէկ ծրագրի մէջ, որոշ փորձեր ըրին ծրագրին վրայ, տեսան որ յաջող ձեւով կ'աշխատի:

Սակայն ծրագիրը ընդունուելու համար պէտք է առողջապահութեան նախարարի օգնականին կողմէն ընդունուէր, հետեւաբար պէտք էր ծրագիրը անոր ներկայացնել:

Յատուկ համաժողով մը հրաւիրուեցաւ, ուր ինծի 7 վայրկեան ժամանակ տրուած էր ծրագիրը ներկայացնելու համար: Քիչ մը մտահոգ էի, քանի որ դժուար էր 7 վայրկեանուան մէջ այդքան մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ: Սակայն մտահոգութիւնս ի դերեւ ելաւ. նախարարի օգնականը ներկայացմանս ընթացքին, երրորդ վայրկեանէն իսկ, երբ դեռ միայն գաղափարը լսած էր եւ տեսած էր աշխատանքի մեխանիզմն ու լսած իմ համոզիչ բացատրութիւններս, ընդհատեց ներկայացումս եւ ըսաւ, որ ծրագիրը ընդունուած է:  Այսօր սուրիական կառավարութեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը վաւերացուցած է իմ «Golden Clinic» ծրագիրս եւ զայն կը գործածէ արդէն 6 նահանգներու մէջ՝ Դամասկոս, Հալէպ, Հոմս , Համա, Լաթաքիա, Թարթուս: Վերջերս Սուայտա նահանգին մէջ ալ պիտի իրականցնէինք ծրագրի անցկացման գործը, սակայն որովհետեւ վիճակը այնտեղ դեռ շատ ապահով չէ, խորհուրդ տուին որ քիչ մը հետաձգենք հոն երթալը: