image

Չորս երեխաներու հայր Պասէլի մահուան պատճառները

Չորս երեխաներու հայր Պասէլի մահուան պատճառները

Լիբանանեան «Ալ Նահար» թերթը, վկայակոչելով  Լիբանանի քաղաքացի Պասէլի եղբօր պատմածը հաղորդած է, թէ մօտ 15 օր առաջ Պասէլ իր բնակած շէնքի աստիճանները ներկած պահուն վերելակի դուռը բանալով ներս մտած է, սակայն վերելակի տուփը դատարկ ըլլլալուն պատճառով վերջինս ինկած ու ծանր վէրքեր ստացած է:

Միւս կողմէ Պասէլի բնակավայր հանդիսացող Հապպուշ գիւղի բնակիչներն այլ բան կը պատմեն դէպքին մասին: Վերջիններս կը պնդեն,թէ Պասէլ աշխատանքի պահուն բեռնակիր մեքենային վրայ բարձրացած էր, երբ պարանը կտրուելով զինք քանի մը մեթր բարձրութենէ վար ձգած է:

Չորս երեխաներու հայր Պասէլ կոնքի ոսկորները կոտրուելու հետեւանքով հիւանդանոց տեղափոխուած է, ուր քանի մը օր դիմադրած, թուացած է, թէ արդէն ապաքինած է, սակայն հիւանդանոցէն դուրս գալով սրտի կաթուածի ենթարկուելով մահացած է: