-Նախքան Սուրիոյ պատերազմը՝ Ռաքքա քաղաքի հայկական համայնքի վիճակը ինչպէ՞ս էր:
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերը Սուրիա հասնելով շրջան մը մնացին եւ բնակութիւն հաստատեցին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն՝ Թէլ Ապիատի, Այն Արապի, Այն Իսայի եւ այլ շրջաններու մէջ, որմէ ետք տեղափոխուեցան շրջանի մեծ քաղաքը՝ Ռաքքա:
Հայերը Ռաքքայի մէջ շատ յարգուած եւ վստահելի ժողովուրդ դարձան: Մեր հայրերը հիմնական երկաթագործ վարպետներ էին: Արաբ ժողովուրդը շատ բարեացակամ էր մեր նկատմամբ եւ մինչեւ այսօր այդպէս է, անոնք, մեր սերունդները պաշտպանեցին սովէն ու ծարաւէն: Յաջորդ սերունդը ուսման ճամբան ընտրեց եւ Ռաքքան ունեցաւ հայ բժիշկներ, դեղագործներ, ճարտարապետներ եւ ուսուցիչներ: Այնտեղ կը գործէր հայկական «Նուպարեան» վարժարանը: Ունէինք երկու հայկական եկեղեցի, մէկը՝ առաքելական, միւսը կաթողիկէ համայնքին կը պատանէր:
Հայերը զբաղուեցան նաեւ գիւղատնտեսութեամբ եւ բաւական մեծ յաջողութիւննրու հասան այս բնագաւառէն ներս: Վերջը զբաղուեցան մեքենաներու նորոգութեամբ, տարբեր ճիւղերու մէջ մասնագէտներ դարձան: Եփրատ գետին վրայ զետեղեցին ջրաքաշ մօթորներ եւ որոգեցին արտերը:
1960-ականներուն Ռաքքայէն գաղթը սկսաւ եւ անոնք հեռացան դէպի Հալէպ ու Պէյրութ:
-Երբ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը գրաւեց Ռաքքան, դուք ո՞ւր էիք, ի՞նչ քայլերու դմեցիք այդ օրերուն:
Ռաքքայի հայերը այս ահաբեկչական խմբակի վտանգը շուտ զգացած էին եւ մինչեւ անոնց Ռաքքան գրաւելը, արդէն Ռաքքայէն հեռացած էին: Շատ քիչ թիւով հայեր մնացին Ռաքքա այդ մութ եւ վտանգաւոր ժամանակները: «Տահէշ»ը եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները քանդեց: Կիները առանց դէմքն ու գլուխը ծածկող քօղի չէին կրնար դուրս գալ տուներէն։ Ծխելն ու խմելը մահացու մեղք կը համարուէին իրենց համար եւ խստագոյնս կը պատժէին մեղադրեալները:
Հայերուն մեծ տոկոսը այդ շրջանին Հալէպ անցաւ եւ այնտեղէն ալ մեծ թիւերով գաղթեցին դէպի Գանատա եւ Եւրոպական տարբեր երկիրներ, որոնցմէ մէկն ալ զաւակս է:
«Տահէշ»ի շրջանը շատ ծանր էր եւ լրիւ վախի ու ահաբեկչութեան մթնոլորտ կը տիրէր քաղաքին մէջ: Մարդկանց կ'առեւանգէին, փրկագին ուզելու համար կամ ալ կը սպաննէին:
-Ի՞նչ զգացիք, երբ Ռաքքան ազատագրուեցաւ եւ ինչպիսի՞ վիճակ կը տիրէ այնտեղ այսօր:
Անշուշտ ուրախացանք: Ռաքքան իմ ծննդավայրս է, ինծի համար շատ սիրելի եւ հարազատ քաղաք է: Ինչպէս գիտէք, պատերազմը Ռաքքայի մեծ տոկոսը քանդեց: Հիմա այնտեղ շինարարութիւն տեղի կ'ունենայ, սակայն ընթացքը դանդաղ է: Հալէպ մնացած ռաքքացիները սկսած են վերադառնալ Ռաքքա եւ նորոգել իրենց տուները:
Ներկայիս Ռաքքայի մէջ կան քրտական ուժեր, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ են տեղի հայկական համայնքին հետ: Կը յուսամ, որ շուտով ամէն ինչ կը դառնայ իր բնականոն ընթացքին եւ Ռաքքան կը վերադառնայ իր հին, խաղաղ, հարուստ եւ գեղեցիկ օրերուն: