Չեխիոյ դատարանը երէկ ազատ արձակած է սուրիացի քիւրտ ակնառու ղեկավարներէն Սալէհ Մուսլէմը:
«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Սալէհ Մուսլէմ անցնող շաբաթ օրը ձերբակալուած էր Չեխիոյ մէջ, Թուրքիոյ մէջ վերջինիս դէմ կալանաւորման որոշում հրապարակուելէն ետք:
Նշենք, որ Մուսլէմի դէմ ահաբեկչութեան մեղադրանքներ առաջադրուած են: Ազատ արձակման լուրը յայտնած է մուսլէպի պաշտպանը, նշելով, որ Մուսլէմ խոստացած է զինք Անգարա արտայանձնելու ամբողջ գործընթացի ժամանակ աջակցութիւն ցուցաբերել: