image

Չաւուշօղլու Պաքուի մէջ խօսած է Հայաստան-Թուրքիա նոր գործընթացներու մասին

Չաւուշօղլու Պաքուի մէջ խօսած է Հայաստան-Թուրքիա նոր գործընթացներու մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն երկրէն ներս կատարուած ռազմական յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք տուած առաջին ասուլիսի ժամանակ խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Anadolu» գործակալութիւնը, նշելով, որ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ յեղաշրջման փորձէն առաջ իր Ադզրպէյճան կատարած այցի գլխաւոր թեմաներէն մէկը եղած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման խնդիրը:

Թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտը շեշտած է, որ այս թեմայով հանդիպումներ ունեցած է Ազրպէյճանի մէջ` աւելցնելով սակայն, որ Հայաստանի հետ որեւէ շփում չէ ունեցել: 

Թուրք նախարարը անգամ մը եւս յիշեցուցած է Ազրպէյճանին ցուցաբերուող Թուրքիոյ աջակցութեան մասին.- «Մենք այդ հարցի մէջ միշտ Ազրպէյճանի կողքին եղած ենք: Քննարկումներ ունեցած ենք Ազրպէյճանի համար ընդունելի բոլոր լուծումներու եւ համատեղ իրականացուելիք քայլերու վերաբերեալ»: