image

Բողոքի գործողութիւններէն ետք «Զարթօնք» համայնքի ղեկավարը հրաժարական տուաւ

Բողոքի գործողութիւններէն ետք «Զարթօնք» համայնքի ղեկավարը հրաժարական տուաւ

Արմաւիրի մարզի Զարթօնք համայնքի ղեկավար Պարոյր Սարգսեանը հրաժարական տուած է։ Տեղեկութիւնը Tert am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է նոյն գիւղի բնակիչ Սեյրան Սահակեանը։

Ան նաեւ յայտնած է, որ փողոցներուն մէջ հաւաքուած գիւղացիներու թիւը երթալով նուազած է. «Հիմա գիւղին մէջ շատ ոստիկաններ կան՝ հնարաւոր բախումները կասեցնելու նպատակով»։

Նշենք, որ երէկ Զարթօնք գիւղի բնակիչները փակած էին Արմաւիր-Երեւան միջպետական ճանապարհը՝ պահանջելով համայնքի ղեկավար Պարոյր Սարգսեանի հրաժարականը: Այսօր առաւօտէն համայնքին մէջ կրկին լարուած վիճակ էր: Վաղ առաւօտէն գիւղացիները փակած էին Երեւան-Գիւմրի երկաթգիծը:

Աւելի վաղ, Սեյրան Սահակեանն ըսած էր, որ յարձակումներ եղած են բողոքող բնակիչներուն վրայ, որոնցմէ մեի քանին ծանր վնասուածքներ ստացած են։

Յիշեցնենք, որ ցուցարաներու հետ հանդիպած էր Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը:  

Ան, զարթօնքցիներուն դիմելով, ըսած էր․ «Իրար հետ հաւաքւում ենք մի կողմի վրայ, խօսում ենք ամէն ինչի մասին, կը հասկանանք իրար»: 

Ան նշած էր, որ կը տեղեկացնէ, թէ ինչ կատարուած է մինչեւ հիմա համայքնի բնակիչներու բողոքի թեմայով:

Սանասարեանի խօսքէն ետք բնակիչները որոշած էին, որ պէտք է երթան համայքնապետարանի մօտ զրուցեն, հասկնան: